Search
Close this search box.

Միրզոյեան եւ Սեժուրնէ այցելած են Վեդիի ջրամբարը

Սեպտեմբեր 15-ին, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Սթեֆան Սեժուրնէ այցելած են Վեդիի ջրամբարը, որ կը կառուցուի Զարգացման ֆրանսական գործակալութեան վարկերու միջոցներով եւ երկու երկիրներու միասնական գանձատրումով։

Նախարարները ծանօթացած են ջրամբարին մէջ տարուող աշխատանքներուն, ընդգծելով Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդման համածիրին մէջ սոյն ծրագրի ռազմավարական նշանակութիւնը:

Միացեալ Մամլոյ ասուլիս

Յաջորդ օրը տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ֆրանսացի նախարարը յայտարարած է, թէ Փարիզ կ՚աջակցի Երեւանի ու Պաքուի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատող, երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգող պայմանագրին ըստ կարելւոյն արագ ստորագրման։

“Սա Ալմաթիի 1991-ին ստորագրուած փաստաթուղթի ամբողջ իմաստն է եւ այս նոյն գաղափարը քաղաքական հանրութեան ներկայացուած է 2022-ին, Փրակայի մէջ: Բնականաբար, շատ կարեւոր է խաղաղութեան հաստատումը, երբ այս հիմնական սկզբունքները կ՚ոտնահարուին Ռուսաստանի կողմէ՝ Ուքրաինայի մէջ”,– նշած է Սեժուրնէ՝ աւելցնելով, թէ Հարաւային Կովկասը պէտք է դառնայ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան շրջան մը, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ Հայաստանի առեւտուրի զարգացման ու բարգաւաճման։

“Հայաստան, Ֆրանսա եւ միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ՚ուզեն եւ նկատի ունենալով որ Ազերպայճան Նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ COP29-ը, անոր պատասխանատւութիւնն է ապացուցել, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ խաղաղութեան՝ նախքան Կլիմայի համաժողովը”,– ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը։

Իսկ նախարար Միրզոյեան իր կարգին անգամ մը եւս վերահաստատած է Հայաստանի ամուր նուիրումը խաղաղութեան օրակարգին՝ շեշտելով, թէ Հայաստան պատրաստ է ստորագրելու խաղաղության համաձայնագիրը՝ այն բնագիրը, որ արդէն արժանացած է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի համաձայնութեան։

Անդրադառնալով ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններուն՝ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի՝ իր շարունակական զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար։

Հանդիպում վարչապետ Փաշինեանի հետ

Նոյն օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սթեֆան Սեժուրնէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

“Մեր ռազմավարութիւնը հետեւեալն է. մենք կ՚ուզենք ամրապնդել եւ հզօրացնել մեր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ պետականութիւնը եւ այս առումով անշուշտ բարձր կը գնահատենք Ֆրանսայի աջակցութիւնը”,– յայտնած է վարչապետը։

Իր կագին, նախարար Սեժուրնէ յայտնած է. “Ֆրանսա Հայաստանի կողքին է եւ պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին։ Մենք նաեւ մեր բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, որ ամրապնդուին յարաբերութիւնները մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ”։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան շուրջ։