Search
Close this search box.

Միրզոյեան. «Հայաստան եւ Ազերպայճան կը քննարկեն միջպետական սահմանէն զօրքերը ետ քաշելու գաղափարը»

 

Դեկտեմբեր 13-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Երեւան գտնուող Էսթոնիոյ իր պաշտօնակից Մարկուս Ցահքնայի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը քննարկեն հայ-ազերպայճանական միջպետական սահմանէն զօրքերը ետ քաշելու գաղափարը, աւելցնելով, թէ վարչապետ Փաշինեանի աշխատակազմին եւ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի վարչակազմին միջեւ համաձայնագիրը վստահութեան հաստատման միակ հոլովոյթը չէ։

“Կ՚ենթադրենք, որ զօրքերը ետ քաշելը իրապէս դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ եւ կ՚օգնէ կանխելու որեւէ նոր գրգռութիւն։ Չեմ ըսեր, որ ունինք համաձայնութիւն։ Սա քննարկուող գաղափար է”,– ըսած է ան, յոյս յայտնելով, որ հայ-ազերպայճանական փոխադարձ քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։

“Հիմնական գործընթացը, յամենայն դէպս, խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններն են։ Կը կարծեմ, որ Ազերպայճան պէտք է վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան՝ հանդիպումներու ձեւաչափով։ Առիթ ունեցած ենք ըսելու, որ գործին մեծ մասը եղած է, եւ հիմա պէտք է հանդիպիլ եւ համաձայնիլ  էական հարցերու  վերջնական ձեւակերպումներու շուրջ”,– եզրափակած է նախարարը։

Էսթոնիոյ  Արտաքին գործոց նախարարը կը խոստանայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը սկսիլ խորհրդարանին մէջ

Իր պաշտօնակցին հետ հանդիպումէն ետք, Էսթոնիոյ Արտաքին գործոց նախարարը X-ի իր էջին գրած է, թէ Հայաստանի նկատմամբ իր երկրին պարտքն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան խոստացած է խորհրդարանին մէջ սկսիլ այդ ուղղութեամբ գործընթացը։

Մարկուս Ցահքնա Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: