Search
Close this search box.

Միրզոյեան. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը չէ» 

Հոկտեմբեր 31-ին, Ազգային ժողովին մէջ ամավարկի քննարկման շրջանակին մէջ, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Արմէն Ռուստամեանի հարցումին ի պատասխան՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը չէ:

“Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը Հայաստանի շուրջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է: Այդ շրջածիրին մէջ թիւ մէկ քայլը, որ կը դիտարկենք եւ որու ուղղութեամբ մեր ջանքերը կը գործադրենք, Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն է”,– ընդգծած է Միրզոյեան:

Ան աւելցուցած է, թէ Հայ-ազերպայճանական բանակցութիւններուն մէջ կայ մէկ-երկու ձեւակերպում, որոնց շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի։ Նախարարը զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ըսած է, թէ մօտ ապագային անոնք եւս համաձայութեան կ՚արժանանան եւ պայմանագիրը պատրաստ կ՚ըլլայ ստորագրութեան։

Նախարարը, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ որո՞նք են այդ կէտերը։