Search
Close this search box.

Նախաձեռնուած է նոր վայրի մը մէջ նոր Սուրբ Համբարձման տաճարի կառուցման հիմնադրամի ստեղծման 

 

Յայտարարութիւն 

Հայաստանէն ու Արցախէն խումբ մը անձնաւորութիւններ նախաձեռնած են նոր հիմնադրամի մը ստեղծման, որու առաքելութիւնը պիտի ըլլայ քանի մը օրէն ազերպայճանական գրաւման տակ յայտնուելիք Բերձորի Ս. Համաբարձման տաճարին նոր վայրի մը մէջ կառուցումը։ Ստորեւ այս մասին յայտարարութիւնը.-

«Քանի մը օրէն Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ պիտի անցնին Բերձոր քաղաքը, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերը։ Մեր հայրենակիցները պիտի ստիպուին լքել իրենց բնակավայրերը՝ անշուշտ, երբեք չկորսնցնելով օր մը հոն վերադառնալու հաւատքը։ Բնական է, որ մարդիկ փորձեն կարելի եղածին չափ շատ շարժուն գոյք տանիլ իրենց հետ։ Իսկ ի՞նչ ընել, ինչպէս վարուիլ մշակութային արժէքներուն հետ, որոնք գերի պիտի մնան թշնամիին տիրապետութեան տակ։ 

44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ժամանակահատուածին բազմիցս առիթը ունեցանք համոզուելու, որ Ազերպայճանցիները կա՛մ կը վերացնեն հայկական մեծ ու փոքր հոգեւոր կառոյցները, կա՛մ «գործուն» քայլերու կը ձեռնարկեն՝ զանոնք արմատապէս ձեւախեղելու։ Վստահաբար, նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ այս պարագային եւ մասնաւորապէս՝ Բերձորի մէջ 1996-1998 թուականներուն կերտուած Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ պարագային, որու ճարտարապետն է Հրաչեայ Գասպարեանը, շինարարութեան ղեկավարը՝ Գէորգի (Մենուշ) Առաքելեանը (լուսահոգի), գլխաւոր քանդակագործը՝ Արտաշէս Յովսէփեանը (լուսահոգի), դռներու հեղինակը՝ Վանօ Դադոյեանը, ջահի հեղինակը՝ Ջանիկ Առաքելեանը, սրբապատկերի հեղինակը՝ Կարէն Սմբատեանը (լուսահոգի), բոլորը՝ 20-րդ դարու հայ արուեստի երեւելիներ։ 

Համացանցի վրայ նոյնիսկ յայտնուեցաւ ազերպայճանական կազմակերպութեան մը առաջարկը՝ եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագծով։ Պարզ է, որ այս ձեւով Հայերուս ու աշխարհին կը հասկացնեն-«կ՚արդարացնեն», որ այդպէս պիտի վարուին՝ ոչնչացնելով վերջին երեսնամեակին ստեղծուած մշակութային ժառանգութեան այս անգին կոթողն ալ, իսկ իրենց ձեւակերպումով՝ ազերպայճանական հողերու բռնագրաւման խորհրդանիշը։ 

Ո՞րն է ելքը։ Միակը՝ քակել-փրկել որքան կարելի է՝ այնքան շատ մշակութային արժէքներ։ Իսկ ի՞նչ կարելի է փրկել Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ պարագային։ Անշուշտ, նման կարճ ժամանակի մէջ ատոնք կրնան ըլլալ անոր օծուած սրբութիւնները՝ զոյգ խաչերը, զանգերը, դռները եւ սրբաքարերը՝ եկեղեցւոյ պատերուն ագուցուած խաչքարերը, մուտքի բարաւորը՝ Տիրամօր ու Մանուկի պատկերով, արեւելեան ճակատի՝ թուր կոտրող արծուի բարձրաքանդակը, շինարարական եւ այլ արձանագրութիւններով քարերը, Սուրբ սեղանի խաչակոթողը, խորանի ճակատի քանդակազարդը՝ Մակարավանքի բեմի նմանողութեամբ, գմբէթի սրբանշան 12 վարդեակները եւ այլն։ 

Մենք վստահ ենք, որ որոշ ժամանակ ետք Սուրբ Համբարձման եկեղեցին կրնայ երկրորդ կեանք մը ունենալ, անշուշտ՝ բովանդակ Հայութեան նուիրատւութիւններով։ Վէրքերը կրնա՛ն բուժուիլ ու սպիանալ, եթէ մենք ընդունակ ըլլանք նոր արարումներու հիմք ստեղծել։ Ի զուր չեն Բերձորի արտաշէսյովսէփեանական արծուաքանդակին տակ փորագրուած նարեկացիական խօսքերը. «Թաղեցեալք լինիմք, եւ ո՛չ խոնարհիմք»։ 

Ահա այս անկոտրում հաւատքով Քաշաթաղի երեսնամեայ վերաբնակեցման եւ Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ կերտման ջատագովներու սոյն խումբով կը յայտարարենք, որ նախաձեռնուած է նոր վայրի մը մէջ նոր Սուրբ Համբարձման տաճարի կառուցման հիմնադրամի ստեղծման։ Մենք կը հաւատանք, որ նոյնատիպ նախագծով վեր կը յառնի մեր ազգի յաւերժութեան խորհրդանիշ այն նոր կառոյցը, որու պատերը պիտի կրեն կորսուած տաճարէն փրկուած կարելի բոլոր մասունքները։ 

Յարութիւն Մարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն,  

Հրաչեայ Գասպարեան, ճարտարապետ, եկեղեցաշինարար, 

Վանօ Դադոյեան, փայտարուեստի վարպետ, 

Ազատ Եղոյեան, Արցախի Ազգային ժողովին մէջ Քաշաթաղի նախկին երեսփոխան, 

Արթուր Սահակեան, Բերձորի նախկին քաղաքապետ, 

Խաչատուր Վարդանեան,  Երեւանի քաղաքապետարանի նախկին քարտուղար, 

Գագիկ Սարգսեան, Էրեբունիի թանգարանի նախկին տնօրէն,  

Հայր Աթանաս վրդ. Մովսիսեան, 

Ալեքսան Յակոբեան, Քաշաթաղի շրջանի նախկին ղեկավար, 

Գագիկ Քոսակեան, Քաշաթաղի շրջանի ղեկավարի նախկին տեղակալ, 

Մերուժան Կարապետեան, պատմաբան, 

Արսէն Գալստեան, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ Համբարձում Գալստեանի եղբայրը»։