Search
Close this search box.

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – Իտալահայ գրականագէտ, թարգմանիչ Անթոնիա Արսլան պարգեւատրուած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով

Հոկտեմ­բեր 30-ին, Նիւ Եոր­քի Ազ­գա­յին առաջ­նորդա­րանի յար­կին տակ, մտեր­միկ շրջա­նակի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է մե­ծարան­քի երե­կոյթ մը ի պա­տիւ իտա­լահայ ծա­նօթ գրա­կանա­գէտ ու թարգմա­նիչ Ան­թո­նիա Արսլա­նի, իտա­լացի եւ հայ հրա­ւիրեալ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Ներ­կայ եղած են ՄԱԿ-ի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թե­նէն եւ Նիւ Եոր­քի մէջ Իտա­լիոյ հիւ­պա­տոսու­թե­նէն ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկած է Առաջ­նորդա­րանի դի­ւանա­պետ՝ դոկտ. Վար­դան Մատ­թէոսեան։ Այ­նուհե­տեւ, Ման­հա­թըն­վիլ գո­լէճի փի­լիսո­փայու­թեան ամ­պիոնի վա­րիչ՝ փրոֆ. Շը­պան Նաշ-Մառ­շալ, ներ­կա­յացու­ցած է մե­ծարեալը եւ կար­դա­ցած՝ Ար­ցա­խին նուիրուած անոր մէկ բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Թե­մի առաջ­նորդ՝ Անու­շա­ւան ար­քե­պիս­կո­պոս յայ­տա­րարած է, թէ Մշա­կոյ­թի ամ­սուան առի­թով, տի­կին Արսլա­նի գրա­կան, գի­տական եւ հան­րա­յին գոր­ծունէու­թիւնը գնա­հատե­լով՝ Արամ Ա. վե­հափառ հայ­րա­պետը զինք պար­գե­ւատած է «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նով։ Սրբա­զան հայ­րը ներ­կա­յացու­ցած է կոն­դա­կի անգլե­րէն թարգմա­նու­թիւնը եւ շքան­շա­նով զար­դա­րած մե­ծարեալին կուրծքը։ Արամ Ա. Հայ­րա­պետի կոն­դա­կին մէջ ի մաս­նա­ւորի նշուած է.

«…Եր­կար տա­րինե­րու վրայ ծա­ւալած ձեր գրա­կան-գի­տական վաս­տա­կը պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն մըն է, որ դուք, միշտ հա­ւատա­րիմ Ձեր պա­պենա­կան ար­մատնե­րուն, Ձեր աս­տուածա­տուր շնորհն ու կա­րողու­թիւննե­րը ի սպաս դրած էք ու կը շա­րու­նա­կէք դնել, լու­սարձա­կի տակ բե­րելու հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան թա­քուն ու վա­ւերա­կան ծալ­քե­րը։ Բա­զում հե­ղինա­կու­թիւննե­րու ու թարգմա­նու­թիւննե­րու կող­քին, Ձեր ստո­րագ­րութեամբ լոյս տե­սած “Ար­տոյտնե­րու ագա­րակը” հա­տորը ինքնին խտա­ցումն է եւ միան­գա­մայն՝ “անլռե­լի զան­գա­կատուն” մը՝ աշ­խարհաց­րիւ բազ­մա­հազար հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ապ­րած ոդի­սակա­նին»։

Շքան­շա­նի տու­չութե­նէն եւ տի­կին Արսլա­նի շնոր­հա­կալա­կան խօս­քէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցած է հիւ­րա­սիրութիւն։ ■