Սեպտեմբեր 25-ին, ՄԱԿ-ի համաժողովի շրջանակին մէջ տեսակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ժան-Նոէլ Պառօ։
Այս կապակցութեամբ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Հայաստան եւ Ֆրանսա կ՚ընթանան ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ։
Կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են Հարաւային Կովկասի եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած անվտանգային կացութեան, մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման միտող քայլերու շուրջ։
Հարկ է նշել, թէ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն ՄԱԿ-ի բեմէն արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծած է, թէ Փարիզ Երեւանի կողքին է՝ Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի ճնշումներու, տարածքային պահանջներու ենթախորքին։
Պաքու անմիջապէս հակազդելով՝ Ֆրանսան ամբաստանած է «կողմնակալ» ըլլալու մեղադրանքով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։