Search
Close this search box.

Նոր խօսոյթները

Սեպտեմ­բեր ամի­սը յատ­կանշուե­ցաւ ազ­գա­յին հնչո­ղու­թիւն ու­նե­ցող նշումներով եւ հա­ւաք­նե­րով. անկախութեան տօ­ներ, Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մաժո­ղով («Հա­մաշ­խարհա­յին համահայ­կա­կան գա­գաթ­նա­ժողով» անուան տակ), Էջ­միած­նի Մայր Աթոռի կող­մէ միւ­ռո­նօրհնէ­քի ծի­սակա­տարու­թիւն եւ Մայր տա­ճարի վե­րաբա­ցու­մ եր­կա­րատեւ վե­րանո­րոգու­թե­նէ ետք եւ վեր­ջա­պէս՝ Ար­ցա­խի ցե­ղային զտու­մի ու հա­յաթա­փու­մի առա­ջին տա­րելից։ Իսկ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզին վրայ՝ ՄԱԿ-ի տա­րեկան Գլխա­ւոր վե­հաժո­ղովի «Ապա­գայի գա­գաթ­նա­ժողով»-ը, որուն այս տա­րի վար­չա­պետը մաս­նակցե­ցաւ, Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղա­ղութեան գոր­ծընթա­ցին՝ մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան հան­րութեան զօ­րակ­ցութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար։

Այս բո­լորին մէջ յատ­կանշա­կան է երկրի առա­ջին դէմ­քին կողմէ խօսոյթներու ար­ծարծու­մը ներ­քին եւ ար­տա­քին լսա­րան­նե­րու առջեւ. առա­ջինը՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մաժո­ղովին՝ «Իրա­կան Հա­յաս­տան» տա­րազու­մով եւ երկրոր­դը՝ ՄԱ­Կ-ի «Ապա­գայի գա­գաթ­նա­ժողով»-ին, ուր վար­չա­պետը դրա­կան խօսոյթի թե­մային ակ­նարկեց.

«Կարեւորա­գոյն բա­նը, որ կրնանք ընել ապա­գայի նկատ­մամբ, դրա­կան խօսոյթներ ձեւաւո­րելն է եւ անոնց հիմ­քեր ստեղ­ծե­լու հնա­րաւո­րու­թիւննե­րուն վրայ կեդ­րո­նանա­լը, ան­կախ ան­կէ թէ այս պա­հուն անոնք կա՞ն, թէ՞ ոչ»։

Այս առ­թիւ նշեց Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր կու­սակցու­թեան Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանա­կան ընտ­րա­կան կար­գա­խօսը, «Ապա­գայ կա՛յ, կա՛յ ապա­գայ»։

Յա­ճախ ներ­քին լսա­րանին ուղ­ղուած ու­ղերձնե­րը կը տար­բե­րին ար­տա­քին լսա­րանին ուղղուածներէն։ Սա­կայն, Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին մնա­ցած է նոյ­նը՝ խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գը։ 

Հա­մաշ­խարհա­յին հայ­կա­կան Բ. գա­գաթ­նա­ժողո­վին, որուն մաս­նակցե­ցաւ շուրջ հա­զար հո­գի 60 տար­բեր եր­կիրնե­րէ, Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան թե­ման կա­րեւո­րագոյնն էր։ 

Վար­չա­պետին հետ հար­ցազրոյ­ցը ամէնէն սպա­սուած պահն էր եւ ամէ­նէն սուր հար­ցադրումնե­րը յա­ռաջաց­նո­ղը, մաս­նա­ւորա­պէս «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի խօսոյթին ստեղ­ծած ցնցիչ տպա­ւորու­թեան պատ­ճա­ռով. յատ­կա­պէս խորհրդան­շա­կան էր Արագած լե­ռան լու­սարձա­կու­մը, որ կը փո­խարի­նէր Արա­րատը։ 

Գա­գաթ­նա­ժողո­վին ար­ծարծուած չորս գլուխնե­րէն մէ­կը նուիրուած էր հայ­րե­նադար­ձութեան։ Սա­կայն, աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար եթէ ան նուի­րուած ըլ­լար ար­տա­գաղ­թին առաջքն առ­նե­լուն, որով­հե­տեւ վար­չա­պետին խօս­քին ամէնէն ցնցիչ բա­ժինը կը վե­րաբե­րէր պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռով երկրէն փա­խուստ տուող մանչ զա­ւակի տէր ըն­տա­նիք­նե­րուն, որոնք չեն ու­զեր որ իրենց որդին ծա­ռայէ բա­նակին մէջ։ Միւս կող­մէ, կայ պա­րագան այն երի­տասարդնե­րուն, որոնք ան­ցեալին փա­խուստ տուած են երկրէն՝ բա­նակին մէջ չծա­ռայե­լու հա­մար, իսկ ներ­կա­յիս, տաս­նեակ տա­րիներ ետք, կը փա­փաքին հայ­րե­նիք վերադառնալ կամ այ­ցե­լել, սա­կայն զի­նուո­րական փախստա­կանի կար­գա­վիճա­կը ար­գելք կը հան­դի­սանայ։ «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի թե­ման նաեւ առիթ է ճշմար­տութեան լե­զուն խօ­սելու, իրա­կանու­թիւննե­րը հայ­րե­նասի­րական խօսոյթի տակ չսքօղելու։ Թէեւ Սփիւռքի պահ­պա­նողա­կան խա­ւը հայ­րե­նասի­րական մղումնե­րէ դրդուած կը մեր­ժէ «Իրա­կան Հա­յաս­տան»-ը, սա­կայն ան­ցեալին, Սերժ Սարգսեանի նա­խագա­հու­թեան օրօք Արամ Ա. վե­հափա­ռի կար­գա­խօսը՝ «Հա­յաս­տան կը պար­պուի, Սփիւռքը կը մա­շի», կը յի­շեց­նէ վար­չա­պետ Փա­շինեանի ար­տա­գաղ­թի ախ­տո­րո­շու­մը։

Ինչ կը վերաբերի Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն, անոնք կը յատ­կանշուին հիմ­նա­կանին ան­հա­տական մա­կար­դա­կի վերաբերումով, Առա­քելա­կան եկե­ղեցւոյ, ՀՅԴ-ի եւ այլ կազ­մա­կեր­­պու­թիւննե­­րու ար­­մա­­­տական ընդդիմու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով։

Ֆրան­­սա­­­հայու­­թիւնը մե­­ծագոյն մաս­­նակցու­­թիւնը ար­­ձա­­­նագ­­րեց սոյն գա­­գաթ­­նա­­­ժողո­­վին՝ 180 հոգիով։ Այս առ­­թիւ, Ֆրան­սա­յի դես­պա­նու­թիւնը ֆրանսահայ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը հիւ­րընկա­լեց դես­պա­նատան մէջ, ուր ներ­կայ էին ի մի­ջի այ­լոց՝ Դա­նիէլ Դա­նիէլեան՝ Մշա­կոյ­թի փոխ­նա­խարար, որ ան­ցեալին Տե­սին-Շար­փիէօյի մէջ քա­ղաքա­պետի կցորդի պաշ­տօ­նը վա­րած է, «Լա­տանի­վա»-ի երգչու­հին, ինչպէս նաեւ CCAF-ի նախ­կին ան­դամներ՝ Ալեք­սանտր Գու­յումճեան (AFAJA), Ռը­նէ Ծա­կոյեան (CCAF-ի ազգա­յին քարտուղար), Փասքալ Շամ­մասեան (Հարաւի CCAF), Ժա­նին Փա­լու­լեան (Կեդրոնական Ֆրան­սա­յի CCAF), որոնք հա­կառակ CCAF-ի հա­մանա­խագահ­նե­րու ընդդիմութեան հայրենի իշ­խա­նու­թեանց, Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յի դժուարին ժա­մանակ­նե­րուն ցան­կա­ցած էին իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնել գա­գաթ­նա­ժողո­վին մաս­նակցելով։

Ժ.Չ. ■