Search
Close this search box.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Պլինքըն՝ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպումին ընդառաջ՝ «Հայաստան եւ Ազերպայճան շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան»

Յուլիս 10-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած է Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարներ Միրզոյեանի, Պայրամովի եւ Պլինքընի եռակողմ հանդիպումը։

Այս կապակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Յուլիս 10-ին Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի կազմաւորման 75-ամեակին նուիրուած համաժողովի շրջանակին մէջ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը:

Կողմերը նշեցին խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ պատմական պայմանագիրը կնքելու ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի արձանագրած յառաջընթացը եւ համաձայնեցան շարունակելու աշխատանքները:

Նախարարներ Միրզոյեան եւ Պայրամով երախտագիտութիւն կը յայտնեն Պլինքընին՝ հանդիպումը հիւրընկալելուն համար»։

Պլինքըն. «Հայաստան եւ Ազերպայճան շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան»

Հանդիպումին ընդառաջ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին շեշտած է, թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան։

Շուրջ մէկուկէս տարի է, որ Հայաստան եւ Ազերպայճան շատ կարեւոր աշխատանք կը տանին խաղաղութեան պայմանագիրը ամբողջացնելու ուղղութեամբ։ Սա երկարատեւ եւ արժանապատիւ գործընթաց է եւ բացառիկ կարելիութիւն՝ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին համար, նաեւ՝ ԱՄՆ-ու հետ յարաբերութիւններու առումով: Սոյն հոլովոյթին Միացեալ Նահանգներ աջակցած է իր եւ Եւրոպական Միութեան ու եւրոպական բազմաթիւ այլ գործընկերներու հետ միասնաբար։ Այսօր կարելիութիւն ստեղծուած է ամբողջացնելու եւ այս կապակցութեամբ գոյացած յառաջընթացը իր աւարտին հասցնելու։ Ես կը հաւատամ, որ երկու երկիրներն ալ շատ մօտ են հասնելու վերջնական համաձայնութեան, որուն մեծապէս կ՚աջակցի Մինացեալ Նահանգներ”,– յայտարարած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը։

Նշենք, թէ եռակողմ հանդիպումէն ետք, Արարատ Միրզոյեան X-ի իր հաշիւին գրած է հետեւեալը.

«Հայաստան ունի քաղաքական կամք՝ Ադրբեջանի հետ ամենասեղմ ժամկէտում աւարտին հասցնելու եւ կնքելու խաղաղութեան պայմանագիրը, որ կայունութիւն ու խաղաղութիւն կը բերի Հարաւային Կովկասին»։