Search
Close this search box.

ՈՒՔՐԱԻՆԱ – Քիեւի կիրակնօրեայ դպրոցի ուսումնական տարուան բացման հանդիսութիւնը

Հոկտեմբեր 13-ին, տեղի ունեցած է Քիեւի հայկական եկեղեցւոյ կից գործող կիրակնօրեայ դպրոցի ուսումնական տարուան բացման հանդիսութիւնը։ Ներկայ եղած են դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան, Ուքրաինայի հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, դեսպանութեան դիւանագէտները, աշակերտներու ծնողները եւ համայնքի ներկայացուցիչները։

Դեսպանը յաջողութիւն մաղթած է դպրոցի սաներուն՝ շեշտելով, որ կիրակնօրեայ դպրոցը կարեւոր միջավայր է երեխաներու համար՝ աւելի լաւ ճանչնալու մայրենի լեզուն եւ պատմութիւնը: