Search
Close this search box.

ՉԻՆԱՍՏԱՆ – ACHA-ի խորհուրդի նիստին ներկայացուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Ցինտաօ (Qingdao) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ մշակութային ժառանգութեան դաշինքի (ACHA) խորհուրդի 2-րդ նիստին մասնակցած է Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան պետ Յարութիւն Վանեանի գլխաւորութեամբ։ Հարկ է նշել, թէ Հայաստան նշեալ դաշինքի հիմնադիր երկիրներէն է։

Յ. Վանեան իր ելոյթին ընդգծելով ACHA-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ մասնակից երկիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայկական մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացման, ինքնութեան աղաւաղման եւ իւրացման բազմաթիւ դէպքերու վրայ, մատնանշելով այդ ուղղութեամբ միջազգային գործիքակազմերու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կարողութիւններու ընդլայնման հրամայականը։

Ան անդրադարձած է նաեւ հայ-չինական հազարամեայ պատմամշակութային կապերուն եւ բարձր գնահատած մշակոյթի բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու միջեւ առկայ համագործակցութիւնը, որ ունի նաեւ մեծ ներուժ՝ առաւել ընդլայնելու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ վերականգնման բնագաւառէն ներս գործակցութիւնը։