Search
Close this search box.

Պալէի աստղեր Րաֆֆի Գալստեան եւ Նարէ Մարկոսեան մասնակցած են Մոլտաւիոյ փառատօնին

«New generation project» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, պալէի աստղեր Րաֆֆի Գալստեան եւ Նարէ Մարկոսեան ելոյթ ունեցած են Մոլտաւիոյ մէջ տեղի ունեցած «Մարիա Պիեսու» օփերայի եւ պալէի 32-րդ միջազգային փառատօնին։

Սեպտեմբեր 8-ին Քիշնեւի մէջ ծայր առած փառատօնին մասնակցած են պալէի նշանաւոր պարողներ 14 երկիրներէ՝ Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Իտալիայէն, Ուքրաինայէն, Աւստրիայէն, Սպանիայէն, Վենեզուելայէն, Հայաստանէն…։

Սեպտեմբեր 26-ին, հանդիսատեսին հրամցուող գեղեցիկ անակնկալներէն մէկը Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէի ներկայացումը եղած է. Սպարտակի եւ Ֆրիժիայի դերերով հանդէս եկած են հայ արուեստագէտները։ Նարէի եւ Րաֆֆիի փայլուն ելոյթը արժանացած է բարձր գնահատանքի։

Նշենք, թէ 1990-ին սկսած «Մարիա Պիեսու» միջազգային փառատօնը մշակութային նշանակալի իրադարձութիւններէն մէկն է։