Search
Close this search box.

ՊԱՔՈՒ – ԱՄՆ-ն Հայաստանի ու Ազերպայճանի ԱԳ նախարարները հրաւիրած է ՕԹԱՆ-ի՝ Ուաշինկթըն տեղի ունենալիք համաժողովին

Հայաստան ընդունած է հրաւէրը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու փոխնախարար Ճեյմզ Օ՚Պրայըն Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ իր երկիրը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարները հրաւիրած է մասնակցելու Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք ՕԹԱՆ-ի համաժողովին։

“Ես կ՚ակնկալեմ, որ երկու երկիրներն ալ կ՚ընդունին հրաւէրը եւ կը մասնակցին սոյն հաւաքին, որուն ներկայ պիտի ըլլան 30 երկիրներու ներկայացուցիչներ”,– ըսած է ան։

Այս կապակցութեամբ Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուցած է, թէ «Հայաստան՝ Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի 75-ամեակին նուիրուած համաժողովին հրաւիրուած է եւ հաստատած իր մասնակցութիւնը»։

Նշենք, թէ Պաքու գտնուող ամերիկացի դիւանագէտը հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Ալիեւի եւ ԱԳ նախարար Պայրամովի հետ: