Search
Close this search box.

Պաքու բողոքագիր յղած է Վարշաւային

Պաքու չսահմանափակուելով Լեհաստանի նախագահին հասցէին կոշտ քննադատութեամբ և հեգնական յայտարարութիւններով, Նոյեմբեր 28-ին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած է Լեհաստանի առժամեայ հաւատարմատար՝ Միխայէլ Կրեչիլօն, վերջինիս յանձնելով բողոքագիր մը՝ ուղղուած նախագահ Անճեյ Տուտային, Հայաստանի Երասխ գիւղ այցելելու եւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դիտորդներու հետ հանդիպելուն համար։

Ազերպայճանական կողմը կը պնդէ, թէ Լեհաստանի նախագահը «այցելած է տակաւին հայկական բռնագրաւման տակ գտնուող Քեարքի գիւղին յարակից տարածքներ, Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հետ մասնակցելով Ազերպայճանի դէմ քարոզչութեան»։

Պաքու լեհ դիւանագէտը նախազգուշացուցած է, թէ «այդ գրգռութիւնը կը հակասէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն եւ պէտք է խուսափիլ Ազերպայճանի անվտանգային օրինական շահերուն առնչուող նման քայլերէ»։