Search
Close this search box.

Պաքու կը պնդէ, թէ իր ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին Սառցասարը եւ անոր յարակից բարձունքները

 

Հայկական կողմը տակաւին չէ արձագանգած

«Ազատութիւն» լրասփիւռին համաձայն՝ Պաքու կը պնդէ, թէ իր ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին Սառցասարը եւ անոր յարակից բարձունքները։

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ ռազմական գործողութիւններէ ետք ազերպայճանական բանակի ստորաբաժանումները վերահսկողութեան տակ առած են Բուզդուխ բարձունքը եւ անոր շրջակայ տարածքները, ինչպէս նաեւ ռազմավարական այլ բարձունքներ:

Հայկական կողմը տակաւին չէ արձագանգած այս յայտարարութեան։

Ազերպայճանցիներու մատնանշած Բուզդուխ կամ Սառցասար կոչուող սարը կը գտնուի Ստեփանակերտէն հիւսիս՝ Քելբաջար գտնուող Դադիվանքի եւ Մարտակերտի Չարեքթար գիւղի յարակից տարածքներուն մէջ։