Պաքու մեղադրած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու վերաբերեալ «կողմնակալ կեցուածք ցուցաբերել»-ով և անոր կոչ յղած է հրաժարելու «գրգռիչ յայտարարութիւններէ»։
Հակադարձելով՝ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ կիրարկելու վերաբերեալ նախարարուհիին խօսքերուն, Պաքու խորհուրդ տուած է ձեռնպահ մնալու «սպառնալիքներու լեզուով խօսելէ»։
Ազերպայճան Հայաստանն ալ մեղադրած է, ըսելով թէ «խաղաղութեան գործընթացը կանգ առած է Երեւանի կեցուածքին պատճառով»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։