Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Պերնար Քուշներ Le Monde-ի սիւնակներուն մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ COP29-ի կազմակերպումը Ազերպայճանին վստահելու ընտրութեան վերաբերեալ։
«Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 հայոց ցեղային զտումէն դեռ մէկ տարի չէ անցած, որ Ազերպայճան արդէն արժանացաւ COP29-ի նման հեղինակաւոր միջոցառման մը կազմակերպման շնորհումին: Այս ընտրութիւնը հարցեր կը յառաջացնէ թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ ալ բնապահական մակարդակով»,-– կը գրէ Քուշներ։
Ան կը հաստատէ, որ Ազերպայճանի մէջ COP29-ի կազմակերպումը «կոպիտ յարձակում է արդարութեան, խաղաղութեան հիմնական արժէքներուն վրայ եւ անընդունելի յետընթաց՝ կլիմայի հարցերուն մէջ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։