Search
Close this search box.

ՊՈԼԻՍ – Ընդունելութիւն՝ տիկնանց կազմերու

Պոլսոյ համայնքային զանազան հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Սուրբծննդեան տօնին առիթով, Յունուար 9-ին այցելած են Պատրիարքարան եւ ընդունուուած Սահակ Բ. պատրիարք հօր կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ եղած է նաեւ Պատրիարքականփոխանորդ Գրիգոր ա. քհնյ Տամատեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութիւնը սկսած է աղօթքով, ապա Պատրիարք հայրը բարի գալուստմաղթած է բոլորին եւ շնորհաւորած Սուրբծննդեան տօնը։ Հոգեւոր պետը մտիկ ըրած է իրենցաշխատութեանց մասին այցելուներուն տուած տեղեկութիւնները, գնահատանքով արտայայտուածէ համայնքային կեանքէն ներս կիներու ստանձնած կարեւոր դերերուն մասին, օրհնած եւ մաղթած էոր այսուհետեւ կիներու գործունէութեան դաշտը առաւել կ՚ընդարձակուի։

Ընդունելութեան աւարտին, Պատրիարք հայրը անգամ մը եւս ըսած է, թէ ուրախ է տիկիններուհամայնքային կեանքի մէջ գործօն ներկայութենէն։

Տիկինները իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնած են աւանդական սոյնընդունելութեան համար։ Ապա՝ Պատրիարք հայրը հիւրերուն բաժնած է օրհնեալ նուռեր։