Search
Close this search box.

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք-կաթողիկոս պատարագ մատուցած է Պոլսոյ մէջ

 

Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի նոր պատրիարքական կառավարիչին անդրանիկ պատարագը

Կաթողիկէ հայոց Տանն Կիլիկիոյ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք-կաթողիկոսը 2025 Յունուար 4-ին, Պոլսոյ «Ս. Յովհան Ոսկեբերան» հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած է: Հանդիսութեան ներկայ եղած է Սահակ Բ. պատրիարք հայրը:

Արարողութեան ընթացքին Կաթողիկէ հայոց Տանն Կիլիկիոյ պատրիարք-կաթողիկոսը առաջնորդական նշաններ եւ իշխանութիւնները յանձնած է Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական կառավարիչ Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեանին:

Արարողութեան մասնակցած են հոգեւոր հայրեր եւ քաղաքի քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:

Յաւարտ պատարագի կազմակերպուած է պաշտօնական ընթրիք մը։

Յաջորդ առաւօտ, Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վարդան ծ. վրդ. մատուցած է անդրանիկ պատարագը: Արարողութեան նախագահած է Կաթողիկէ հայոց պատրիարք-կաթողիկոսը: