Նոյեմբեր 15-ի կէսօրէ ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազերպայճանի նկատմամբ պատիժներ առաջարկող բանաձեւ մը։
Բանաձեւին հեղինակներն էին՝ Պրիւնօ Ռըթայօ, Քրիսթիան Գամպոն, Էլիան Ասասի, Փաթրիք Քանէր, Հերվէ Մարսէյ եւ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ։
Ընդունուած բանաձեւը՝
– կը պահանջէ ետ քաշել Ազերպայճանի զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը.
– կոչ կ՚ընէ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովելու անոնց հայրենիք վերադարձը.
– կ՚առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներու հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ազերպայճանի գործած յարձակումը պատժելու նպատակով, այդ կարգին՝ կիրարկել պատիժներ, որոնք կը թիրախաւորեն Ազերպայճանի իշխանութիւններուն ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն արգելք (embargo) հաստատել Ազերպայճանէն կազի եւ քարիւղի ներածման նկատմամբ.
– կը վերահաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՚առաջարկէ կառավարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ.
– կ՚առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնը։
Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրերու կարգին ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։
Ընդառաջելով CCAF-ի կոչին եւ հակառակ աննպաստ օդին՝ շուրջ 400-500 Հայեր քուէարկութեան ժամերուն փութացած էին բանաձեւին զօրակցող հանրահաւաքին մասնակցելու։ Խօսք առին ծերակուտականներ Ժան-Լիւք Տըվինազ, Պրիւնօ Ռըթայօ, Վալերի Պուայէ (որուն արտասանած խօսքը իսկապէս բացառիկ էր), Վալ-տը-Մառնի երեսփոխանուհի Իզապէլ Սանթիակօ…։
Քուէարկութեան արդիւնքը համախմբուած բազմութեան կողմէ ընդունուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ ծափերով։
Երեւանի մէջ ալ, Արցախէն տեղահանուածներու բազմութիւն մը ցոյց մը կատարած է Նոյեմբեր 15-ի յետմիջօրէին Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ։ Ցուցարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ քննարկուող վերոնշեալ բանաձեւին եւ ի պաշտպանութիւն անոր հաւաքուած ստորագրութիւնները յանձնած են դեսպանատան անձնակազմին։
Աւելցնենք, որ Նոյեմբեր 15-ի առաւօտեան ալ, Պաքուի հրաւէրով՝ բանաձեւին դէմ բողոքելու համար քանի մը Ազերպայճանցիներ հաւաքուած էին Ծերակոյտի կողքի փողոցներէն մէկուն մէջ, ազերպայճանական դրօշներով եւ զանազան լոզունգներ կրող պաստառներով։ Անոնք ծերակուտականներէն կը պահանջէին «անաչառ մօտեցում», «արդար դիրքորոշում» եւ այլն։ Կարգ մը պաստառներու վրայ ալ կարելի էր կարդալ «Ո՛չ ահաբեկչութեան», «Կանգնեցուցէք հայկական ահաբեկչութիւնը», «Ֆրանսա պէտք է անկողմնակալ մնայ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ յանգելու համար մնայուն խաղաղութեան» եւ այլն։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։