Սեպտեմբեր 14-ին, Հայաստան, Յունաստան եւ Մոլտավիա կատարելիք իր եռօրեայ այցելութեան նախօրեակին, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ իր ուղերձին մէջ մասնաւորապէս նշած է.
“Ֆրանսա իր պատմական գործընկեր եւ բարեկամ երկիր Հայաստանի կողքին է եւ մեր աջակցութիւնը անոր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներուն անսասան է։
Հայաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը ամուր է եւ մենք զայն ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդենք։ Մենք կ՚աջակցինք Հայաստանի ռազմավարական ենթակառոյցներու զարգացման՝ երկրի դիմակայունութիւնը ապահովելու համար։ Մենք կը համագործակցինք նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ։ Ֆրաքեւհայկական նախաձեռնութեամբ մենք կը պաշտպանենք զանոնք, որոնք ներգրաւուած են Հայաստանին աջակցելու աշխատանքներու մէջ”։
Անդրադառնալով յատկապէս Հայաստան եւ Մոլտավիա կատարելիք այցերուն՝ նախարար Սեժուրնէ ըսած է, թէ այդ երկիրները ընտրած են ժողովրդավարութեան ու անկախութեան ուղին, ճամբայ՝ դէպի Եւրոպա:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։