Search
Close this search box.

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ. Եւրոպական խորհրդարանը կրկին Թուրքիոյ կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանը 448 թեր, 67 դէմ և 107 ձեռնպահ ձայներով ընդունած է Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը: Փաստաթուղթին մէջ ակնարկ կայ նաև Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Զեկոյցին մէջ յղում կատարուած է Եւրոպական խորհրդարանի 2015 Ապրիլ 15-ի զեկուցագրին, եւ Թուրքիոյ կրկին կոչ յղուած է  ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Թուրքիոյ՝ վերջին տարիներու արտաքին քաղաքականութիւնը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերակայութիւններուն, ներառեալ՝ Կովկասի ուղղութեամբ:

Եւրոպական խորհրդարանը բարձր կը գնահատէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի՝ երկկողմ շփումներ սկսելու որոշումը եւ ԵՄ-ին կոչ կ՚ընէ աջակցելու այդ գործընթացին: Ան նաև Թուրքիոյ կը յորդորէ ճանապարհ հարթել թուրք եւ հայ ժողովուրդներու իրական հաշտեցման համար, լիովին կատարելով հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան իր պարտաւորութիւնները:

Զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ եղած է աշխուժացնելու ջանքերը՝ այդ երկրին Հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ծանր վիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ:

Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն կը յորդորէ ուսումնասիրել այդ երկիրներուն մէջ «Գորշ գայլեր»-ու գործունէութիւնը արգիլելու կարելիութիւնը: