Search
Close this search box.

Սուրբծննդեան Ճրագալոյցի պատարագը Միածնաէջ մայր տաճարին մէջ

 

Յունուար 5-ին, Քրիստոսի Սուրբծննդեան եւ  Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, մատուցուած է Ճրագալոյցի պատարագ, որուն մասնակցած են Մայր Աթոռի միաբանները, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի պետական դէմքեր եւ ուխտաւոր հայորդիներ։

Պատարագը մատուցած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։

Անդրադառնալով Հայրենիքի առջեւ  ծառացած մարտահրաւէրներուն, անվտանգային խնդիրներուն, Արցախի կորուստին՝ Սրբազան հայրը նշած է․ «Սուրբծննդեան մսուրի առաջ ծնկած՝ մենք աղօթում ենք մեր երկրի եւ  պետականութեան անսասանութեան համար, այս պահին սահմանը հսկող մեր զինուորների համար, մեր նահատակ քաջորդիների հոգիների խաղաղութեան, անհետ կորած եւ  գերեալ մեր զաւակների շուտափոյթ վերադարձի համար»։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցած նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը բարձրացած է Աւագ սուրբ խորան եւ վառած Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող մոմը, ուրկէ ալ կենսատու լոյսը բաշխուած է հաւատացեալներուն: