Սուրիոյ մէջ Պաշար ալ-Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք փոփոխութիւններ կատարուած են շարք մը բնագաւառներու մէջ. անմասն չէ մնացած նաեւ կրթական համակարգը։ Սուրիոյ Կրթութեան նախարար Նազիր ալ-Քատիրի ընկերային ցանցերու մէջ գրառումով հաղորդած է, թէ երկրին դպրոցներու ուսումնական ծրագիրը փոփոխութիւններ կրած է։
Ան յատկապէս նշած է, որ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ նախապէս գործածուող «Օսմանեան բռնագրաւում» եզրը փոխարինուած է «Օսմանեան իշխանութիւն» ձեւակերպումով։ Նախկին վարչակարգին (նկատի ունի Պաշար ալ-Ասատի վարչակարգը) առնչուող տեղանունները, անոնց համար գրուած արաբերէն բնագրերը այլեւս պիտի չկիրարկուին եւ զանոնք պիտի փոխարինեն գրական ու չափածոյ ստեղծագործութիւններ։
Ըստ թրքական turkiyegazetesi.com.tr լրասփիւռին՝ Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ այսպէսով կը սրբագրուի «Օսմանեան կայսրութեան մասին ամօթը»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։