«Հայք» մշակոյթի պաշտպան կազմակերպութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ ազերպայճանական ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ կը բացակայի Արցախի Վանքասարի եկեղեցւոյ խաչը։
«Այս եկեղեցին եւս Ազերպայճանի պետական քարոզչամեքենան կը ներկայացնէ իբրեւ աղուանական։ Այս արարքը անգամ մը եւս կը վկայէ,– եթէ կասկածողներ դեռ կային,– որ այդ երկիրը բռնագրաւուած Արցախի մէջ պետական մակարդակով մշակութային ցեղասպանութիւն կ՚իրականացնէ։
1954-ի Լա Հէյի Արդարադատութեան համաձայնագրի 4-րդ յօդուածին համաձայն՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վանդալալական արարքներու, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն։ Ըստ Ատեանի նոյն թուականի առաջին արձանագրութեան՝ արգիլուած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։
Հարկ է յիշեցնել, որ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2021 Դեկտեմբեր 7-ի որոշումին համաձայն՝ արգիլուած են հայկական եկեղեցիներու պղծման արարքները. “Ազերպայճան պարտաւոր է ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն՝ կանխելու եւ պատժելու վանդալական արարքներն ու պղծումի գործողութիւնները, որոնք կ՚իրականացուին հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ…”։
Իսկ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին որդեգրած 2583-րդ բանաձեւին համաձայն՝ հայկական մշակութային արժէքներու հայկականութեան փաստի ժխտումն ու զանոնք՝ Աղուաններուն վերագրելը ճանչցուած է իբրեւ “ազերպայճանական յօրինուածք”»,– նշուած է «Հայք»-ի գրառման մէջ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։