Փարիզահայ նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի ստեղծագործական ժառանգութեան մէկ մասը տեղափոխուած է Հայաստան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ֆրանսա այցելութեան ըն-
թացքին, Հայաստանի դեսպան՝ Յասմիկ Տոլմաջեանի միջնորդութեամբ, ֆրանսահայ նկարչին որդին՝ պատմագէտ Գլօտ-Արմէն Մութաֆեան յայտնած է հօրը՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող վաթսուն հինգ գեղանկարներ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին յանձնելու որոշումը։
Զարեհ Մութաֆեան բախտաւոր է, որ վերջապէս իր ստեղծագործական ժառանգութենէն մաս մը կը գտնէ վայր մը պատշաճ կերպով պահպանուելու, դիտուելու եւ գնահատուելու։ Վահրամ Դումանեան, նախկին Կրթութեան նախարար, ներկայիս՝ նախագահի խորհրդական, Մութաֆեանի գեղարուեստական գործերու Հայաստան տեղափոխութեան առթիւ կատարած է հետեւեալ յատկանշական յայտարարութիւնը՝ «Սա շատ լաւ ուղերձ է բոլոր այն մարդկանց, մեր հայրենակիցներին, ովքեր մտորում են տարբեր մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած, թէ ի՞նչ բախտ պիտի վիճակուի, որտե՞ղ պէտք է պահպանել, որ լինի ապահով, որ ծառայի իր նպատակին. սա շատ լաւ օրինակ է, որ բոլորը կարող են գործակցել Հայաստանի իշխանութիւնների հետ, որ հայկական արմատներով մշակութային արժէքներ պահպանուեն Հայաստանում եւ լինեն հայ ժողովրդի ուշադրութեան կենտրոնում»։
Հայաստանէն հնչած այս ուղերձը յստակ է, պարզ է. ցորչափ արուեստագէտ մը կամ անոր ժառանգները համաձայն են, որ իրենց անձնական կամ ընտանեկան գեղարուեստական ժառանգութիւնը յանձնուի Հայաստանի մշակութային պահպանման կառոյցներուն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՚աջակցին անոնց։ Որքանո՞վ այս կոչը իսկական կառավարական յանձնառութիւն կը դառնայ, ապագան ցոյց կու տայ։ Գեղարուեստի գործերու երկրէ- երկիր տեղափոխումը նիւթական ծանր բեռ է, որ եթէ պետական կամ բարեսիրական մարմինի մը կողմէ յանձն չառնուի յաճախ պատճառ կը դառնայ նման նախաձեռնութիւններու ձախողութեան։ Նոյնն է պարագան մաքսային ու վարչարարական ձեւակերպումներուն։
Արուեստագէտի մը համար չկայ աւելի մեծ բաւարարութիւն քան իր աշխատանքի գնահատումը եւ ընկալումը հանրութեան կողմէ։ Նոյնն է պարագան գրագէտին ալ, թատերական գործիչին ալ, գիտնականին, ուսուցչին եւ նոյնիսկ՝ արհեստաւորին…։ Արուեստագէտի մը գործերու գնահատումը կ՚ըլլայ տարբեր արտայայտութիւններով, որոնցմէ ամէնէն բացայայտը շուկայական ընկալումն է, բայց աւելի՛ն՝ թանգարանի մը մէջ անոնց ներառումը եւ անհատներու ու հաւաքորդներու կողմէ ձեռքբերումը։
Ճիշդ պիտի ըլլար որ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած գեղարուեստական գործերը ունենային իրենց բնական տարածումը տեղական միջավայրին մէջ, միջազգային շուկայի վրայ։ Սակայն, Սփիւռքի մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը լուրջ մղձաւանջ մըն է։ Տակաւին, ոչ մէկ սփիւռքեան կազմակերպութիւն, համայնքային մակարդակի, լրջօրէն զբաղած է Սփիւռքի արուեստագէտներու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գործով։ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ կան մատենադարաններ, Ցեղասպանութեան թանգարաններ, համալսարանական ամպիոններ…։ Կա՛ն նաեւ ընտանիքներու ջանքով հաստատուած տուն-թանգարաններ, սակայն չկան արուեստագէտներու գործերուն նուիրուած գեղարուեստի թանգարաններ ու չկան նաեւ ընդհանրապէս արխիւներու պահպանումի կեդրոններ։ Ինչ կը վերաբերի գրողներուն՝ բախտաւոր են անոնք որոնց գրաւոր ժառանգութիւնը կը յայտնաբերէ հետազօտող մտաւորական մը, որ յետմահու կը հրատարակէ այդ անտիպ ձեռագրերը…
Որքան, դժբախտ են այն արուեստագէտները, որոնք կը մնան անտէր եւ որոնց գործերը, հակառակ իրենց արժէքին, կը մնան լքուած։ Օրինակները շատ են. միայն հատ մը նշելու համար, յիշենք Արշակ Գառնին։ Եւ ի՛նչ ըսել կարգ մը նշանաւոր արուեստագէտներու, գրողներու, մասնագիտական գրադարաններու մասին եւ գրախանութներու հաւաքածոներուն, ինչպէս Սամուէլեան գրախանութինը։ Հայաստանէն հնչած ուղերձը իսկական փրկութիւն է, այնքան ատեն որ կը յարգուին տեղական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան օրէնքները, մաքսային ու հարկային պարտաւորութիւնները։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։