Search
Close this search box.

Վարչապետը յանձնարարած է  մինչեւ 2026-ի տարեվերջ նոր Սահմանադրութեան նախագիծ մշակել՝ Ազերպայճանի անդադրում պահանջի ենթախորքին

 

«Ազատու­թիւն», Յու­նիս 19 – Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րութիւ­նը փո­խելու Ազեր­պայճա­նի ան­վերջ պա­հան­ջի են­թա­խոր­քին՝ վար­չա­պետ Փա­շինեան յանձնա­րարած է նոր Սահ­մա­նադ­րութեան նա­խագիծ մշա­կել ու մին­չեւ 2026 Դեկ­տեմբեր 30 հաս­տա­տել։

Մինչ այս որո­շու­մը, 2022-ին ստեղ­ծուած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու խոր­հուրդը ար­դէն կը մշա­կէր սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փոխու­թիւննե­րու նա­խագիծ։ Հա­յեցա­կար­գի նախ­նա­կան տար­բե­րակը այս տա­րուան Յու­նուարին ու­ղարկուած էր կա­ռավա­րու­թիւն։ Հի­մա Փա­շինեան կը յանձնա­րարէ մշա­կել նոր Սահ­մա­նադ­րութիւն։ Որո­շու­մին մէջ յստակ նշուած է «Սահ­մա­նադ­րութեան փո­փոխու­թիւններ»-ու փո­խարէն գրել «նոր Սահ­մա­նադ­րութիւն» ձե­ւակեր­պումը։

Ի՞նչ կը նշա­նակէ սա. նախ­նա­կան տար­բե­րակէն կը հրա­ժարի՞ն ու բո­լորո­վին նո՞ր նա­խագիծ կը պատ­րաստեն. սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու խոր­հուրդի ան­դամ Ար­թուր Սա­քունց կ՚ըսէ՝ այ­սօր (Յու­նիս 19-ին) նոր տե­ղեկա­ցած է այդ որոշ­ման մա­սին, որ Մա­յիս 24-ին կա­յացուած ու տե­ղադ­րուած է կա­ռավա­րու­թեան պաշ­տօ­նական կայ­քէ­ջին։

Որո­շու­մէն ետք շուրջ մէկ ամիս ան­ցած է, բայց ըստ Սա­քունցի, խոր­հուրդէն ներս հար­ցը դեռ չեն քննար­կած։ Իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչներն ալ վար­չա­պետի որոշ­ման մա­սին այս ըն­թացքին հրա­պարա­կաւ չեն խօ­սած։

“Ինձ հա­մար հաս­կա­նալի չէ, թէ հի­մա թող­նում ենք դա, նո­րից ենք շա­րու­նա­կում, որով­հե­տեւ պէտք է երե­ւի թէ խոր­հուրդը հա­ւաքուի եւ հաս­կա­նանք, որով­հե­տեւ ըստ էու­թեան ի՞նչ է տե­ղի ու­նե­նում։ Ճիշտ է՝ ուշ է եղել, բայց ինչ-որ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է եւ այդ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքը հի­մա դէ՞ն ենք գցում, թէ՞ դա հիմք ենք ըն­դունում։ Լի­քը հար­ցեր կան, որ մեզ հա­մար հաս­կա­նալի չեն”,– «Ազա­տու­թեան» ըսած է ան։

Հա­յաս­տա­նի մայր օրէն­քը փո­խելու ուղղա­կի պա­հանջ այ­սօր ալ հնչեց Պա­քուէն. Այդ կը հա­մարեն խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր կնքե­լու գլխա­ւոր պայ­ման։ Պա­քու հո­ղային պա­հանջ կը տես­նէ Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նադ­րութեամբ յի­շատա­կուած Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րին մէջ, ուր Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի միաւոր­ման մա­սին յի­շատա­կում կայ։

Իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը Ազեր­պայճա­նէն հնչող այս պա­հան­ջին կ՚ար­ձա­գան­գեն, թէ այդ հար­ցը Հա­յաս­տա­նի ներ­քին գործն է։ Նոյ­նը նաեւ վեր­ջերս շեշ­տեց Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը։ Բայց, տա­րես­կիզբին վար­չա­պետ Փա­շինեան խօ­սած էր Սահ­մա­նադ­րութեան մէջ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րի յղու­մը թո­ղելու վտանգնե­րուն մա­սին։ Հան­րա­յին ձայ­նասփիւ­ռի հա­ղոր­դումէն «ցու­լի ու կար­միր զգես­տի» հա­մեմա­տու­թեամբ նկա­րագ­րեց վտան­գը։

Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու խոր­հուրդի իշ­խա­նական ան­դամ Վլա­դիմիր Վար­դա­նեան մեր­ժեց «Ազա­տու­թեան» բա­ցատ­րութիւններ տալ՝ ար­դեօք պի­տի հրա­ժարի՞ն մին­չեւ այս պա­հը մշա­կուած տար­բե­րակէն, ար­դեօք Սահ­մա­նադ­րութե­նէն Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րի յղու­մը պի­տի հա­նուի՞։

Ար­թուր Սա­քունց, որ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան ներ­կա­յացու­ցիչ է խոր­հուրդին մէջ, նոր Սահ­մա­նադ­րութեան կողմնա­կից է 2015 թուակա­նէն, բայց դէմ է, որ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագի­րը հա­նուի։

“Հռչա­կագի­րը պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչա­կագիրն է, ո՞վ է ասել, որ հռչա­կագ­րին յղում չա­նելը Սահ­մա­նադ­րութեան … ան­հե­թեթ բան”,– նշած է ան։

Ըստ Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու խորհրդի ան­դամ Դա­նիէլ Իոան­նի­սեանի՝ Խոր­հուրդը վեր­ջին ան­գամ բո­վան­դա­կային քննար­կում կա­տարած է Փետ­րուարի վեր­ջա­ւորու­թեան, երբ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցած է վար­չա­պետ Փա­շինեանի հետ։ Իոան­նի­սեանի հա­մաձայն՝ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րի մա­սին այն ատեն ալ յստակ որո­շում չէ կա­յացուած։ Խորհրդէն ներս տար­բեր մօ­տեցումներ կան այս հար­ցին շուրջ։

“Այս ամէն ին­չը պէտք է քննար­կուի հան­րութեան հետ, Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րի հետ, Ադրբե­ջանի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ոչ հան­րութիւն են, ոչ էլ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցի են, այ­սինքն՝ իրենց հետ այս հար­ցե­րը քննարկման են­թա­կայ չեն”,– նշած է ան։

Դա­նիէլ Իոան­նի­սեան ինք ալ վերջնա­կան դիր­քո­րոշում չու­նի՝ Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագի­րը պէտք է մնա՞յ, թէ՞ ոչ։ Եւ ըստ իրեն՝ հան­րա­յին քննար­կումէն յե­տոյ միայն խոր­հուրդը կրնայ այդ հար­ցը քուէար­կութեան դնել։ ■