Դեկտեմբեր 29-ին, Վրաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող Նոր նախագահ՝ Միխէիլ Քաւելաշվիլիի երդման արարողութեան պահուն, նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի նախագահական նստավայրին առջեւ հաւաքուած ցուցարարներուն յայտարարած է, թէ կը լքէ նախագահական նստավայրը։
Վրաստանի Սահմանադրութեան համաձայն՝ գործող նախագահին լիազօրութիւնները կը դադրեցուին պետութեան նոր ղեկավարին երդման արարողութենէն ետք։
Նշենք, թէ իշխանութեան «Վրացական երազանք»-ը սպառնացած էր բանտարկել 72-ամեայ Զուրապիշվիլին, եթէ ան շարունակէր ըմբոստացումը նոր նախագահի ընտրութեան։
Սալոմէ Զուրապիշվիլի, լքելէ ետք նախագահական պալատը՝ միացած է հաւաքուած ցուցարարներուն եւ անոնց դիմելով ըսած է.
“Վեց տարի առաջ ես երդում տուի՝ ձեռքս դնելով Սահմանադրութեան վրայ, երկրին եւ ձեզի հաւատարիմ ըլլալու համար։ Այդ պատճառով ալ այսօր այստեղ եմ, իսկ իմ հաւատարմութիւնը պիտի չփոխուի՝ ըլլամ պալատին մէջ թէ անկէ դուրս։ Հոնկէ դուրս կու գամ եւ կը միանամ ձեզի:
Այս շէնքը ո՛չ մէկուն կը պատկանի։ Այս շէնքը խորհրդանիշ էր, քանի դեռ հոս օրինական նախագահ կար։ Ինծի հետ կ՚առնեմ օրինականութիւնը, դրօշը, ձեր վստահութիւնը։
«Իշխանութեան կուսակցութիւնը», որ խաղաղութեան մասին կը խօսէր, պատերազմ սկսած է իր սեփական ժողովուրդին դէմ։ Ան ոչ միայն պատերազմ սկսած է, այլեւ ոչնչացուցած այն ամէն ինչը, որ կրնար հիմք հանդիսանալ միասնութեան եւ համախմբուածութեան համար՝ մարզանքը, մշակոյթը եւ եկեղեցին։ Ամէն ինչ բաժնուած ու պառակտուած է։
Սա այլ բան չէ, քան ինչ որ կ՚ընէր թշնամին՝ Ռուսաստանը, դարերէ ի վեր՝ պառակտելով այս ժողովուրդը, այս հասարակութիւնը, որպէսզի դառնար անոր տէր ու տիրակալ։ Ճիշդ այդ պատճառով «Վրացական երազանք»-ը ռուսական ողբերգութիւն է”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։