ԱՄՆ-ու ծերակուտական Ֆրենք Փալոն «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած է, թէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր համաժողովի նախագահ Ապտուլլահ Շահիտ պէտք չէ ջնջէր Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու վերաբերեալ իր գրառումը:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են 33 երկիրներ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ։ ՄԱԿ-ը պէտք չէ դառնայ Թուրքիոյ գործակիցը՝ Պատմութենէն հրաժարելու հարցին մէջ։ Շահիտ սխալած է՝ ջնջելով իր գրառումը ու տեղի տալով Թուրքիոյ ճնշումներուն»,– ընդգծած է ծերակուտականը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։