Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 8-ին յայտարարած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չէ եղած, չկայ եւ չի կրնար ըլլալ “Արեւմտեան Ազերպայճան”, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետի մօտ կ՚աւարտի», շեշտելով, թէ այդ ուղղակի յարձակողական հռետորաբանութիւն է Հայաստանի ինքնիշխան պետութեան նկատմամբ։
“Արեւմտեան Ադրբեջանը այդ Ղազախի, Աղստաֆայի, Թովուզի, Գետաբեյի, Դաշքեսանի, Քելբաջարի, Լաչինի, Կուբաթլիի, Զանգելանի շրջաններն են։ Դրանից այս կողմ Արեւմտեան Ադրբեջան չի եղել, չկայ ու չի կարող լինել։ Իրական Հայաստանի յղացքին մէջ, երբ որ ասում ենք Արեւմտեան Հայաստան, մենք էլ պէտք է հասկանանք, որ Արեւմտեան Հայաստանը Արմաւիրի մարզի արեւմտեան հատուածն է, Արագածոտնի մարզի Բաղրամեանի շրջանն է, Թալինի շրջանն է, Մարալիկի տարածաշրջանն է։ Որովհետեւ իրական Հայաստանը իրական տարածաշրջանի մէջ է։ Ոնց որ «Արեւմտեան Ադրբեջան» չի կարող լինել Ղազախից այս կողմ, Արեւմտեան Հայաստան էլ չի կարող լինել Արմաւիրից այն կողմ։ Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետի մօտ կ՚աւարտի, եւ սա մեր անվտանգութեան յղացքն է”,– յայտարարած է վարչապետը։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ արձագանգելով վարչապետ Փաշինեանի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն՝ հետեւեալը գրած է Դիմագիրքի իր էջին.
«Պարո՛ն Փաշինեան, իրականութեան մէջ ի՞նչ կը նշանակէ այս ամէնը։ Հետաքրքրական է, որ ձեր “խաղաղասիրական պատմութիւնը” կը խուսափի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորագոյն տարրէն՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան յարգանքէն։
Եթէ Հայաստան իրապէս շահագրգռուած է իր դրացիներուն հետ խաղաղութիւն հաստատելով, ինչո՞ւ դուք կը խուսափիք ձեր Սահմանադրութեան եւ ազգային օրէնսդրութեան մէջ “Արեւմտեան Հայաստան” եւ “Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն” կոչուող տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւններէն հրաժարելու գործընթաց սկսելէ»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։