Search
Close this search box.

Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է Ազերպայճանի դէմ պատիժներ որդեգրելու բանաձեւ մը 

Փարիզի քաղաքային խորհուրդը Հոկտեմբեր 13-ին ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդի՝ միաձայնութեամբ Ազերպայճանի դէմ պատիժներ սահմանելու բանաձեւ մը որդեգրած է, որով կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ այդ երկրին ոտնձգութիւնը, իբրեւ միջազգային եւ մարդկային իրաւանց կոտիտ խախտում։

Փարիզի քաղաքային խորհուրդը կոչ կ՚ընէ Ֆրանսայի կառավարութեան պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի ղեկավարութեան նկատմամբ։

Բանաձեւին բնագիրը ներկայացուցած է Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա։