Սեպտեմբեր 4-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի շքեղ դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչային յանձնեց նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով անոր շնորհուած «Բարեկամութեան շքանշան»-ը՝ ֆրանքեւհայկական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման ի նպաստ նշանակալի ներդրումին համար։
Շնորհաւորելով Նկաչան՝ քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ շեշտեց Հայաստանի եւ Փարիզի միջեւ առանձնայատուկ կապերը՝ վերահաստատելով, որ Փարիզ քաղաքը միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին։
Իր ելոյթին դեսպան Տոլմաջեան ընդգծեց, թէ «Բարեկամութեան շքանշան»-ի շնորհումը փոխքաղաքապետին կ՚արտայայտէ Փարիզ քաղաքին՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ ունեցած անկեղծ բարեկամութեան համար վերջիններուս երախտագիտութիւնը։ Ան շնորհակալութեան խօսք յղեց քաղաքապետին, փոխքաղաքապետին եւ ընդհանրապէս Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն Հայաստանին անվերապահ աջակցութեան եւ յատկապէս 2020-էն ի վեր յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ընդունուած բանաձեւերու եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն համար։
Այնուհետեւ փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա նշեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է ստանալ սոյն բարձր պարգեւը։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ Փարիզի քաղաքապետի Արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու տեղակալ, քաղաքապետ Հիտալկոյի առաջնորդութեամբ պիտի շարունակէ նոյն եռանդով, համոզումով եւ յանձնառութեամբ նպաստել Փարիզի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման ուղղուած աշխատանքներուն։
Պարգեւատրման արարողութեան աւարտին հնչեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական փառերգերը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղարը, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ ու դիւանագէտներ, փարիզամերձ այլ քաղաքներու քաղաքապետեր, հասարակական եւ մշակութային անուանի գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։