Յունիս 27-ին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ, նախաձեռնութեամբ ֆրանսախօս դեսպաններու խումբին (GAFU) տեղի ունեցած է Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւն։
Ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Ֆրանսայի ֆրանսախօս դեսպաններու խումբերու նախագահներ՝ Ռաշէլ Աննիք Օկուլա Աքիքօ եւ Վիժայեն Վալայտոն։
Այս վերջինները նշած են, թէ հանգուցեալը բացառիկ դիւանագէտ էր, աւագ ընկեր իր գործակիցներուն համար, եւ իր փորձառութեամբ ու իմաստութեամբ կ՚առաջնորդէր միւսները։
Տիկին Տոլմաջեան ընդգծած է այն անգնահատելի աւանդը, որ Տէր-Ստեփանեան ունեցած է 1991-էն սկսեալ նորանկախ Հայաստանի դիւանագիտութեան կայացման եւ զարգացման գործին մէջ՝ անմնացորդ նուիրումով, ստեղծագործ եւ անսպառ եռանդով աշխատելով թէ՛ Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական համակարգին մէջ, թէ՛ ալ բոլոր այն միջազգային հարթակներու վրայ ուր կը ներկայացնէր Հայաստանը։
Ան յիշեցնելով, թէ Տէր-Ստեփանեանի անմիջական դերակատարութեամբ եւ նախագահութեամբ 2014-ին հիմնուած է Ֆրանսայի Ֆրանսախօս դեսպաններու խումբը, դրուատած է անոր անգնահատելի աշխատանքը Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան տարածման եւ ֆրանսախօս մեծ ընտանիքէն ներս Հայաստանի արժանի եւ բարձր տեղը ապահովելուն համար։
Արարողութեան ներկայ եղած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ հաւատարմագրուած օտար երկիրներու ներկայացուցչութեանց ղեկավարներ, դիւանագէտներ, Ֆրանսայի հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, դեսպան Տէր-Ստեփանեանի հարազատներն ու ընկերները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։