Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի բողոքի ցոյցը Մշակոյթի նախարարութեան առջեւ

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի Փարիզի երիտասարդները Յունուար 27-ին ցոյց մը կատարած են ազերպայճանամէտ դիրքորոշման տէր, Ալիեւ ընտանիքին հետ սերտ կապեր ունեցող Մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Տաթիի նշանակումին դէմ, բողոքի ձայն բարձրացնելով Նախարարութեան շէնքին առջեւ։ 

Ցուցարարները կեղծ թղթադրամներ եւ արեան հետքեր յիշեցնող հեղուկ թափած են շէնքին առջեւ՝ այդպէսով ցոյց տալով եւ դատապարտելով նորանշանակ նախարարին առնչութիւնը ալիեւեան տոհմին հետ։