Դեկտեմբեր 28-ին, Ռուսաստանի նախագահը Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին, վերջինէս ներողութիւն խնդրած է՝ քանի մը օր առաջ պատահած օդանաւի արկածին կապակցութեամբ, փաստօրէն ընդունելով, որ ողբերգական միջադէպի ընթացքին այդ տարածքին մէջ ռուսական հակօդային համակարգեր կը գործէին։
Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ ազերպայճանական ճամբորդատար օդանաւը բազմիցս փորձած է էջք կատարել Կրոզնիի օդակայանը։ Այդ պահուն Կրոզնին, Մոզդոքը եւ Վլադիկավկազը յարձակման ենթարկուած են ուքրաինական մարտական անօդաչու սարքերու կողմէ եւ ռուսական հակօդային պաշտպանութեան համակարգերը ետ մղած են այդ յարձակումները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։