Օգոստոս 20-ին, «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ հարցազրոյցին, քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեան մեկնաբանելով մէկ օր առաջ Պրիւսէլի մէջ վերսկսած հայ-ազերպայճանական բանակցութիւնները, յայտնած է թէ՝ այս փուլին Հայաստանէն ստանալով իր ուզածը՝ Բերձորն ու յարակից բնակավայրերը, Պաքու պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները Երեւանի հետ։
“Այսինքն՝ վերջին ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Բերձորէն ու Աղաւնոյէն հայ բնակչութեան տեղահանման պահանջը կատարուած տեսնելով՝ Պաքու պատրաստ է վերսկսիլ բանակցային գործընթացը: Այդ առումով, կը կարծեմ, որ մինչեւ այս ամսուան վերջը պէտք է ակնկալել նաեւ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու հանդիպումը, որ վերջին հաշուով երեքուկէս ամսուան ընդմիջումէ ետք կը վերականգնի”,– ընդգծած է քաղաքագէտը:
Տիգրան Գրիգորեանի կարծիքով՝ հայ-ազերպայճանական բանակցութիւններու օրակարգի կետէրէն՝ հայկական զինուած ուժերու Արցախի մէջ մնալու հարցն է, որ կրնայ յառաջիկային նոր լարուածութեան պատճառ հանդիսանալ։
“Ազերպայճանական ձեւակերպումով, Լեռնային Ղարաբաղէն հայաստանեան զօրքերու քաշուիլը կը ներառէ նաեւ Պաշտպանութեան բանակի զինաթափումը, այսինքն, ըստ իս՝ այդ նպատակին հասնելու համար մօտ ամիսներու ընթացքին կրնան հրահրուիլ ռազմական նոր գործողութիւններ”,– ըսած է Գրիգորեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։