Search
Close this search box.

«Քեզ համար, Հայաստան» 26–րդ թելեթոնի նախնական արդիւնքներու ամփոփումը

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական հիմնադրամի Հաղորդագրութիւնը

2023 Նոյեմբեր 23-ին, «Քեզ համար, Հայաստան» նշանաբանով տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 26-րդ թելեթոնը, որու ընթացքին ցարդ հանգանակուած է շուրջ 8,4 միլիոն տոլար: Հարկ է նշել, որ դրամահաւաքը տակաւին կը շարունակուի, իսկ վերջնական արդիւնքները կ՚ամփոփուին տարեվերջին:

«Թելեթոն 2023»-ի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ հանգանակուած է 552.372 տոլար, Ֆրանսա՝ 3.250.000, ԱՄՆ՝ 3.100.000, Թորոնթօ (Գանատա)՝ 500.000,  Մեծն Բրիտանիա՝ 450.000, Արժանթին՝ 160.690,  ինչպէս նաեւ նուիրատւութիւններ կատարուած են Նետերլանտներէն՝ 100.000 տոլար, Պրազիլէն՝ 92.000, Գերմանիայէն՝ 66.400, Զուիցերիայէն՝ 50.000, Աւստրալիայէն՝ 27.000, Աւստրիայէն՝ 25.900, Ռումանիայէն՝ 4.360։

Հանգանակուած գումարը կ՚ուղղուի Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներու կենսական պայմաններու բարելաւման, ինչպէս նաեւ սահմանային շրջաններու զարգացման ծրագրերու գանձատրման:

Շնորհակալութիւն մեր տեղական մարմիններուն, բոլոր գործընկերներուն եւ նուիրատուներուն՝ շարունակական աջակցութեան, անմնացորդ նուիրումին եւ Հայրենիքի կողքին կանգնելնուն համար, որոնց շնորհիւ կը բարելաւուի մեր տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներու կեանքը: