Search
Close this search box.

ՔԻՐԿԻԶՍՏԱՆ – Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի վարչապետերը քննարկած են Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ Ազերպայճանի անոր պաշտօնակից Ալի Ասատով Քիրկիզստանի Չոլփոնաթայ քաղաքին մէջ  կայացած հանդիպումին ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կայունացման ուղղուած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ մատնանշած՝ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով այժմու օրակարգին՝ Ասատով մասնաւորապէս նշած է.- “Շատ բան կախեալ է մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն, ըսել է՝ այս հարցերու լուծման եւ եռակողմ համաձայնագրի ստորագրութեան հարցին գծով Ռուսաստանի դերէն”։

Ազերպայճանի վարչապետը յայտնած է, թէ կան նաեւ երթեւեկութեան եւ հաղորդակցութեան առնչուող հարցեր, որոնք պիտի լուծուին փոխվարչապետերու գլխաւորած եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ։

“Այնտեղ լուրջ աշխատանք կ՚ընթանայ եւ կը յուսանք որ այդպէս կը շարունակուի մինչեւ վերջ”,– եզրափակած է Ասատով։

Միշուսթին եւս ընդգծած է համաձայնութիւններու պահպանման եւ կայացուած որոշումներու գործադրման կարեւորութիւնը, որ ըստ իրեն՝ պիտի ծառայէ մեղմացնելու տարածաշրջանային լարուած կացութիւնը։