Ֆրանսական ռազմական հետախուզութեան զեկոյցին համաձայն՝ Թուրքիոյ ելեկտրոնային պատերազմի առաջադէմ համակարգերը լիովին խաթարած են Ասատի վարչակազմի ռազմական հաղորդակցութեան ենթակառոյցը Սուրիոյ մէջ։ Այս գործողութիւնները նաեւ չէզոքացուցած են ռուսական «Arakis» եւ «Azart» ռատիօհամակարգերը, որոնք մեծապէս կ՚օգտագործուէին սուրիական վարչակազմին կողմէ՝ Թուրքիոյ ապահովելով ռազմավարական առաւելութիւն ռազմադաշտին վրայ եւ տարածաշրջանային ուժային տուեալները փոխելու ներուժ:
Այս յաջողութեան բանալին, ըստ զեկոյցին՝ «ASELSAN»-ի «Milkar» եւ «Ilgar» համակարգերն են, որոնք մշակուած են Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կողմէ: Մինչ «Milkar» կը խափանէ թշնամիի հաղորդակցութիւնը, «Ilgar» կը ծառայէ որպէս շարժական ելեկտրոնային յարձակման համակարգ։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա ընդլայնած է ելեկտրոնային պատերազմի իր կարելիութիւնները Ուքրաինայի մէջ գրաւուած ռուսական համակարգերու վերլուծման եւ ՕԹԱՆ-ի անուղղակի աջակցութեան միջոցով։
Բացի ատկէ, զեկոյցը կ՚ընդգծէ ռազմական ելեկտրոնական բնագաւառին մէջ Թուրքիոյ աճող առաջնորդութիւնը՝ տարածաշրջանային ռազմական հաւասարակշռութիւնը վերափոխելու ներուժով: Պաշտպանական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ Թուրքիոյ նորարարական քայլերը ոչ միայն ազդեցին ու կը շարունակեն ազդել Սուրիոյ վրայ, այլեւ ռազմավարական առումով պատրաստ են ազդելու աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։