Search
Close this search box.

Ֆրանսայի դեսպանը հակադարձած է Նետերլանտներու մէջ Ազերպայճանի դեսպանին. «ԼՂ-ի հայերը օժտուած են իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքով»

Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, անդրադառնալով Նետերլանտներու մէջ Ազերպայճանի դեսպանի գրառման, վերջինիս յիշեցուցած է, որ Արցախի հայերը Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռով օժտուած են իրենց հայրենիքը վերառանալու իրաւունքով, իսկ Ատեանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր գործադրութեան։

Ան X-ի իր հաշիւին գրած է.

«Պարո՛ն դեսպան, իրաւաբանութեան մէջ «լաւ տղաք» չկան, ինչպէս դուք կ՚ըսէք։ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կողմէ ճանչցուած իրաւատէրեր են՝ սկսեալ վերադարձի իրաւունքէն»,– նշած է ան՝ ի պատասխան ազերպայճանցի դեսպանի այն գրառման, ուր վերջինս ըսած էր, թէ «Լեռնային Ղարաբաղի “անկում”-ի(*) հարց չկայ, այլ ան ներկայիս կ՚ապրի «վերածնունդի» ժամանակաշրջան՝ ունենալով զարգացման հեռանկարներ եւ եթէ հայերը “լաւ տղաք” ըլլան, ապա կը կարողանան օգտուիլ այդ հեռանկարներէն»։

(*) «ՆՅ» – Իրականութեան մէջ ազերպայճանցի դեսպանը կ՚ակնարկէ Ողիմպիականներու բացման արարողութեան ընթացքին  Ֆրանս-2 կայանի լրագրող Լոռան Տըլահուսի խօսքերուն, ուր ան ի միջի այլոց անդրադարձած էր Արցախի անկումին (chute)։ Ֆրանսերէն այդ բառի բազմիմաստութիւնը օգտագործելով՝ «սրամիտ» ազերպայճանցի դիւանագէտը իր բացառիկ յղացումը շարահիւսած է։