Օգոստոս 24-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Գաթրին Գոլոնայի հետ, ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման շուրջ հայկական կողմին մօտեցումները։ Ընդգծուած է՝ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի հանգամանքով Ֆրանսայի դերակատարութիւնը հակամարտութեան խաղաղ գործընթացին մէջ։
Նախարար Միրզոյեան անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն շեշտած է՝ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ պարզ քաղաքացիներու հայրենադարձման, անհետացածներու ճակատագրերու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը։
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առնչութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։