Search
Close this search box.

Ֆրենք Փալոն լքած է Ազերպայճանը. Պաքուի մէջ զինք հետապնդած ու հալածած են

Ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ ԱՄՆ-ու ծերակուտական Ֆրենք Փալոն լքած է Ազերպայճանը։

Ան Նոյեմբեր 18-ին կը նախատեսէր մասնակցիլ COP29-ին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալ Պաքուի մէջ։ Վերջինս հետապնդած են տեղւոյն լրագրողները, որոնք խիստ «վիրաւորուած են» Փալոնի հայամէտ կեցուածքէն: Կատղած ցուցարարները Փալոնը հալածած են իր պանդոկին, ինչպէս նաեւ օդակայանին մէջ:

Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ, թէ Փալոն Նոյեմբեր 18-ի առաւօտեան լքած է պանդոկը ու անմիջապէս ուղղուած դէպի օդակայան եւ յատուկ թռիչքով մեկնած Ազերպայճանէն։