Փաշինեան.– «Ալիեւ իր գործողութիւններով արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան ցեղասպանութիւնը»

Նոյեմբեր 10-ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին նշած է, թէ Ազերպայճանի կողմէ եռակողմ եւ այլ ձեւաչափերով ընդունուած յայտարարութիւններու եւ համաձայնութիւններու խախտումները սուր բնոյթ կը կրեն:

“2020 Դեկտեմբերին, Ադրբեջանը ապօրինի կերպով բռնագրաւել է Լեռնային Ղարաբաղի Խծաբերդ եւ Հին թաղեր բնակավայրերն ու յարակից տարածքները՝ ի հեճուկս 2020  Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, որի համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիում իրականացւում է կրակի ամբողջական դադարեցում, կասեցւում են ռազմական բոլոր գործողութիւնները եւ կողմերը մնում են իրենց զբաղեցրած դիրքերում”,– ընդգծած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Ազերպայճան նման գործողութիւն իրագործած է նաեւ 2022 Մարտին՝ ներխուժելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ, խախտելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ սահմանուած շփման գիծը, եւ հիմա Ազերպայճանի նախագահը հպարտութեամբ զայն կ՚անուանէ «Փառուխի գործողութիւն»: Ազերպայճան գրեթէ ամէնօրեայ յաջորդականութեամբ կը խախտէ հրադադարը՝ նաեւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած շփման գիծին վրայ՝ զուգահեռաբար յայտարարելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղ գոյութիւն չունի: Այս պնդումը ինքնաբերաբար 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպիտ խախտում մըն է: Նաեւ՝ Ազերպայճանի կողմէ ստորագրուած նշանաւոր փաստաթուղթին մէջ 4 անգամ յիշատակուած է «Լեռնային Ղարաբաղ» անունը, ըսած է վարչապետը:

Ան աւելցուցած է, որ Ազերպայճան ցարդ որեւէ քայլի չէ ձեռնարկած նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ միջազգային հանրութեան համար տեսանելի երկխօսութիւն սկսելու ուղղութեամբ, մինչդեռ այս կապակցութեամբ ան պարտաւորութիւն ստանձնած է միջազգային շարք մը հարթակներու վրայ: “Զուգահեռաբար փորձ է անում կառուցողական երեւալ, եւ  յայտարարում է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը «իր քաղաքացիներն են եւ նրանց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորուած են: Թէ որքանո՞վ է այս պնդումը իրականութեանը համապատասխանում, կարելի է գործնականօրէն ապացուցել՝ ստուգելով, թէ Ադրբեջանը ի՞նչ պայմաններ է ստեղծել եւ ինչ քայլեր է ձեռնարկել Հադրութի եւ Լեռնային Ղարաբաղի այլ հայաբնակ տարածքների հազարաւոր բնակիչների անվտանգ վերադարձի համար, որոնք տեղահանուել են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով: Ադրբեջանի կողմից այս ուղղութեամբ ոչ մի քայլ չի ձեռնարկուել, ինչը 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտի կոպիտ խախտում է: Այս նոյն կէտի խախտումով Ադրբեջանը խոչընդոտում է ՄԱԿ-ի, մասնաւորապէս Փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչների մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ”,– շեշտած է Փաշինեան:

Ալիեւ ոչ միայն կը սպառնայ, այլեւ արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան ցեղասպանութիւնը

Վարչապետին գնահատումով՝ այս եւ նմանատիպ շարք մը գործողութիւններ ու յայտարարութիւններ ակնյայտ կը դարձնեն, որ Ալիեւ ոչ միայն կը սպառնայ, այլեւ արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան ցեղասպանութիւնը: Փաշինեան ընդգծած է, թէ այս մտադրութիւնը արտայայտուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման պայմանաժամերու վերաբերեալ Ազերպայճանի նախագահին մեկնաբանութիւններուն մէջ, որոնք իրենց կարգին կոպտօրէն կը խախտեն եռակողմ ձեւաչափով ընդունուած յայտարարութիւններէն առնուազն երեքը: “2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնում նշւում է, որ Լեռնային Ղարաբաղում խաղաղապահները տեղակայւում են 5-ամեայ ժամկէտով՝ յաջորդական հնգամեայ ժամկէտների ինքնաբերաբար երկարացումով: Կրկնում եմ, ինքնաբերաբար երկարացումով: Սա, ըստ էութեան, նշանակում է, որ խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղում տեղակայուած են անժամկէտ, քանի դեռ հասցէագրուած չեն Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան հետ կապուած բոլոր հարցերը եւ փարատուած չեն Լեռնային Ղարաբաղի Հայութեան անվտանգային բոլոր մտահոգութիւնները”,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Խմբագրական