Search
Close this search box.

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը չեղեալ կը նկատէ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը

Երուսաղէմի պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան աբեղայ Գոգչեան՝ Դիմագիրքի իր էջին Նոյեմբեր 1-ին կատարած գրառումով կը տեղեկացնէ.

«Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը այսու կը տեղեկացնէ, որ նամակ ղրկած է Xana Gardens Ltd-ին, տեղեկացնելով, որ չեղեալ կը նկատէ Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ 2021 թուականի Յուլիս 8-ին ստորագրուած համաձայնագիրը»։