Դեկտեմբեր 12-ին, Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ նորութիւն կայ 32 հայ գերիներու վերադարձի մասին, խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ըսած է, թէ կը յուսայ, որ ան տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ օրերուն։
“Սպասում ենք։ Կարծում եմ մօտ օրերս տեղեկութիւններ կ՚ունենանք։ Համաձայնութիւնը, որը ձեռք է բերուել, որեւիցէ նորութիւն դրա հետ կապուած կամ փոփոխութիւն չկայ: Աշխատանքը ընթացքի մէջ է։ Յոյս ունեմ եւ ենթադրում եմ յառաջիկայ օրերին կը լինի”,– ըսած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։