Մարսիլիոյ «հայկական» Պօմոնի (12-րդ թաղամասին մէջ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անմիջապէս առջեւի հրապարակին վրայ ի մօտոյ բացումը պիտի կատարուի Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին։
Ողջունելի այս քայլին նախաձեռնողն է քաղաքի հայ համայնքի ծանօթ անուններէն Օհան Հեքիմեան, իսկ ստեղծագործութեան հեղինակը՝ Հայաստանէն արձանագործ Րաֆֆի Թումանեան (երկուքն ալ՝ նկարին մէջ)։
Յուշարձանին բացման նախնական թուական որոշուած է Մարտ 15-ը, բայց Թումանեանի համաձայն՝ կրնայ մէկ-երկու օրով յետաձգուիլ։
***
Ցեղասպանութեան վերապրած Սողոմոն Թեհլիրեան (1896- Բագառիճ, Օսմանեան կայսրութիւն – 1960, Սան Ֆրանսիսքօ, ԱՄՆ) հայ ազգային–ազատագրական շարժումի այն գործիչն է, որ 1921 Մարտ 15-ին մասնակցելով Դաշնակցութեան Նեմեսիս վրիժառական գործողութեան՝ Պերլինի մէջ գնդակահարելով զգետնեց Երիտթուրքերու Ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան։ Ձերբակալուելէ եւ դատուելէ ետք, 1921 Յունիսին անպարտ արձակուեցաւ գերմանական դատարանին կողմէ։
Կիսանդրիին տեսանիւթը՝
https://www.facebook.com/share/v/Z4F32HdZBMwj25pt/?mibextid=KsPBc6
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։