Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Հայաստանի Ազգային գրադարանը հիւրընկալած է Սիլվէն Թեսոնը եւ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնը

Ցուցադրուած է Թեսոնի «Sur les chemins noirs» ժապաւէնը

Հայաս­տա­նի մէջ «Ֆրան­սա­խօսու­թեան եր­կամսեայ»-ի շրջա­նակին մէջ, Մարտ 18-ին Ազ­գա­յին գրա­դարա­նը հիւ­րընկա­լած է ֆրան­սա­ցի գրող, հրա­պարա­կախօս Սիլ­վէն Թե­սոնը եւ «Ֆի­կառօ-Մա­կազին»-ի փոխտնօ­րէն Ժան-Քրիս­թոֆ Պի­ւիսո­նը, ըն­կե­րակ­ցութեամբ ֆրանսահայ արուես­տա­գէտ-լու­սանկա­րիչ Ան­թուան Ակու­ճեանի եւ անուանի թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեանի։  

Ֆրան­սա­ցի հիւ­րե­րը, Կրթու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մար­զանքի փոխ­նա­խարար Դա­նիէլ Դա­նիէլեանը, Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւատար­մագրուած եր­կիրնե­րու դես­պաննե­րը եւ Ֆրան­սա­յի մէջ Ար­ցա­խի ներ­կա­յացու­ցիչ Յով­հաննէս Գէոր­գեանը դի­մաւո­րած է գրա­դարա­նի տնօ­րէնու­հի Ան­նա Չու­լեան: Ան ներ­կա­յացու­ցած է Ազ­գա­յին գրա­դարա­նի հիմ­նադրման եւ Թա­մանեանա­կան մաս­նա­շէն­քին կա­ռուցման պատ­մութիւ­նը:

Այ­նուհե­տեւ ցու­ցադրուած է Սիլ­վէն Թե­սոնի «Սեւ ճա­նապարհնե­րու վրայ» («Sur les chemins noirs») վէ­պին պա­տու­մով 2023-ին նկա­րահա­նուած նոյ­նա­նուն ժա­պաւէ­նը, որ ար­ժա­նացած է ակնդիր­նե­րու բարձր գնա­հատանքին։

Ցու­ցադրու­թեան յա­ջոր­դած է քննար­կում՝ Թե­սոնի եւ Պի­ւիսոնի հետ, հան­դի­սավա­րու­թեամբ «Վա­լերի Պրիւ­սով» հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Անի Ջա­նիկեանի։

Ֆրան­սա­խօս ու­սա­նող­նե­րը առաւելաբար հե­տաքրքրուած են ֆիլ­մին մէջ գրո­ղի կեան­քին շրջա­դար­ձա­յին մի­ջադէ­պի պատ­մութեամբ: Իսկ լրագ­րողնե­րուն հար­ցումնե­րը կեդրոնացած են՝ «Ֆրան­սա­խօսու­թեան եր­կամսեա»-ն որ­քա­նո՞վ կը նպաս­տէ ֆրան­քեւհայ­կա­կան յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդման հարցադրման վրայ։ 

Սիլ­վէն Թե­սոն ընդգծած է, թէ ֆրան­սա­խօսու­թեան օրե­րը պա­տեհ առիթ կը հան­դի­սանան դա­րերու պատ­մութիւն ու­նե­ցող ֆրան­քեւհայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փո­խադարձ առնչու­թիւննե­րը առա­ւել զար­գացնե­լու եւ ամ­րապնդե­լու հա­մար։ Ան իր հիացու­մը յայտնած է ի տես հա­յու­թեան՝ ֆրան­սա­կան մշա­կոյ­թի խոր իմա­ցու­թեան մա­կար­դա­կին:

Հայ ժո­ղովուրդի բա­րեկամ Թե­սոն շեշ­տած է, որ այս ֆիլ­մին ընտրու­թիւ­­նը պա­տահա­կան չէ: “Ինչպէս վէ­պին հե­րոսը կեան­քի դժուար օրե­րուն քա­լելով կ՚անց­նի մութ ու մռայլ ճամ­բա­ներով՝ հաս­նե­լով իր նպա­տակա­կէտին, այնպէս ալ ինք կը հա­ւատայ, որ պի­տի գայ օրը, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը փա­պու­ղիի վեր­ջա­ւորու­թեան պի­տի տես­նէ լոյ­սը եւ պի­տի հաս­նի իր երա­զան­քին”,– ըսած է Թե­սոն։

Աւար­տին գրո­ղը մա­կագ­րած է իր գիրքին օրինակները։

 

Նախագահը ընդունած է ֆրանսացի հիւրերը 

Ֆրան­սա­խօսու­թեան մի­ջազ­գա­յին օրո­ւան ըն­դա­ռաջ, որ աւան­դա­բար կը նշո­ւի Մարտ 20-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Վա­հագն Խա­չատու­րեան ըն­դունած է Թե­սոնն ու Պի­ւիսո­նը, որոնց կ՚ըն­կե­րանա­յին Սի­րանո­սեան ու Ակու­ճեան։

Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է անոնց՝ Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րածաշրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձութիւննե­րը մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան ներ­կա­յաց­ման մէջ իրենց ու­նե­ցած կա­րեւոր ներդրման հա­մար եւ ընդգծած, որ Հա­յաս­տան մե­ծապէս կը գնա­հատո­ւէ այդ գոր­ծունէու­թիւնը։

Հան­դիպման ըն­թացքին հիւ­րե­րը կար­ծիքներ յայտնած են տա­րածաշրջա­նային վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րուն եւ այդ հար­ցե­րուն շուրջ Հա­յաս­տա­նի մօ­տեցումնե­րուն մա­սին։ Այս շրջա­ծիրին մէջ, Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը ընդգծած է, որ Հա­յաս­տան յստակ դիր­քո­րոշում ու­նի Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ կա­յու­նութեան եւ խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու եւ դրա­ցի բո­լոր եր­կիրնե­րու հետ բա­րիդ­րա­ցիական յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու հա­մար։

Հան­դիպման ըն­թացքին քննար­կո­ւած են նաեւ հայ-ազեր­պայճա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ներ­կա­յի վի­ճակը, խա­ղաղ գոր­ծընթա­ցի կա­րելիու­թիւններն ու խնդիր­նե­րը, ինչպէս նաեւ անոնց յաղ­թա­հար­ման կա­րելի մի­ջոց­նե­րը։ Կող­մե­րը քննար­կած են նաեւ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան պատ­մա­մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան սպառ­նա­ցող վտանգնե­րը, ոչնչաց­ման սպառ­նա­լիքը, մտքեր փո­խանա­կած են Ար­ցա­խի բնակ­չութեան վե­րադար­ձի կարելիութիւններուն շուրջ։ ■