Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ Ապրիլ 1-ի գիշերը Ազերպայճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Կութի (Գեղարքունիքի մարզ), եւ Ապրիլ 2 ժամը 00.40-ին Տեղի (Սիւնիքի մարզ) հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը միաժամանակ հերքած է Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւնը, որ իբրեւ թէ հայկական ուժերը կրակած են սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան շրջանի ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, աւելցնելով, թէ նշեալ ուղղութիւններով խախտումներ չեն արձանագրուած։
Նշենք, թէ Ապրիլ 1-ին, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին պնդած էր, թէ սահմանագօտիի տարբեր ուղղութիւններով հայկական ուժերու կուտակումներ ու տեղաշարժեր կը նկատուին եւ իբրեւ թէ այդ հատուածներուն մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հակադարձելով Պաքուի՝ իրականութեան չհամապատասխանող հրապարակումներուն, հաղորդած է, թէ «Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ շինարարական աշխատանքներու իրականացումը մեր երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ անոնք կը կրեն պաշտպանական բնոյթ, նպատակ ունենալով ապահովել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։