Ապրիլ 22-ին, Հայաստանի փոխվարչապետ, Ազերպայճանի հետ սահմանի զատման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը հերքած է շրջող լուրերը, թէ Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը գտնուող, 6-7-րդ դարերու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պիտի յանձնուի Ազերպայճանին։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ նշեալ գրասենեակէն հաղորդած են, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանի զատման վերաբերեալ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելէ ետք, Ոսկեպարի եկեղեցին պիտի մնայ Հայաստանի տարածքին մէջ։
Նշենք, թէ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի զատման վերաբերեալ համաձայնագրին դէմ իրենց բողոքը արտայայտող Տաւուշի մարզի շարք մը բնակավայրերու բնակիչները Ոսկեպարի եկեղեցւոյ մօտ կը շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցերը, ուր, ըստ անոնց, կ՚իրականացուին ականազերծման աշխատանքներ, որպէսզի տարածքը յանձնեն Ազերպայճանին։ Այս համածիրին մէջ տարածուած են լուրեր, թէ Ոսկեպարի եկեղեցին եւս սահմանի զատումէն յետոյ պիտի անցնի Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։