Search
Close this search box.

Еurasian Times. «Երեւան հնդկական սպառազինութեան նոր խմբաքանակ կը գնէ» 

Տելհիի մէջ լոյս տեսնող The Еurasian Times թերթը կը հաղորդէ որ «Երեւան հնդկական սպառազինութեան նոր խմբաքանակ կը գնէ»։

Թերթին համաձայն՝ Երեւան  ստորագրած է Հայտերապատ քաղաքին մէջ գործող Zen Technologies ընկերութեան հետ անօդաչու սարքերու դէմ պայքարի համակարգեր ձեռք բերելու շուրջ պայմանագիր, որու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 41,5 միլիոն տոլար։

«Zen Technologies-ի հակաանօդաչու համակարգը իր արդիւնաւէտութիւնը ապացուցած արհեստագիտութիւն է, որ արդէն կ՚օգտագործուի հնդկական բանակին կողմէ»,– ըսած է The Еurasian Times-ի աղբիւրներէն մէկը՝ ընդգծելով, թէ «Հայաստանի մէջ կը գիտակցին, որ եթէ հնդկական բանակը այդ համակարգերը կը գործածէ, ուրեմն անոնք լաւ պէտք է ըլլան»։