Search
Close this search box.

Ազերի խորհրդարանական. «Կապանի օդակայանը պիտի ունենայ Ստեփանակերտի օդակայանի ճակատագիրը»

 

Ազերպայճանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ․ «Կապանի օդակայանը կ՚ունենայ Ստեփանակերտի օդակայանի ճակատագիրը։ ան կը մնայ իբրեւ թանգարանային նմուշ»

Ազերպայճանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Զիաֆաթ Ասկերով անդրադառնալով «Սիւնիք» օդակայանի բացման հարցին յայտարարած է. “Կապանի օդակայանը պիտի ունենայ Ստեփանակերտի օդակայանի ճակատագիրը։ Ան պիտի մնայ իբրեւ թանգարանային նմուշ։ Հայաստան կը պատրաստուի գրգռիչ գործողութիւններու, ինչպէս՝ Կապանի օդակայանի բացումը։ Հայաստան Ազերպայճանի հետ նման համաձայնութիւն չունի”։ 

Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան սոյն յայտարարութիւնը սապէս մեկնաբանած է.

“«Երասխի մէջ չէք կրնար գործատուն ունենալ», «Մեծամօրի հիւլէակայանը պէտք է փակել», «Բանակ պէտք չէ», «Հայաստանի բնակչութիւնը հինգ միլիոնը պէտք չէ անցնի», «Կղզիացած հողամասերը (enclave) պէտք է վերադարձնէք», «Ազերպայճանցիները պէտք է վերադառնան Երեւան ու Սեւան»…։ Ազերպայճան ու Թուրքիա անդադար նոր պայմաններ պիտի դնեն մեր առջեւ՝ սպառնալով պատերազմով, որ աստիճանաբար ամբողջովին նուաճեն Հայաստանը”։